image

Թուրքիոյ կառավարութեան օրակարգին մէջ չկայ նախագահական եւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու հարց. ընտրութիւնները պիտի կայանան 2028-ին. Էրտողան

Թուրքիոյ կառավարութեան օրակարգին մէջ չկայ նախագահական եւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու հարց. ընտրութիւնները պիտի կայանան 2028-ին. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ կառավարութեան օրակարգին վրայ չկայ նախագահի եւ խորհրդարանի արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու հարց. քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սահմանադրութեան համաձայն՝ 2028 թուականին։ 

Այս ձեւով ան պատասխանած է ընդդիմադիր Հանրապետական Ժողովրդական Կուսակցութեան ղեկավար Օզկիւր Օզելի կոչերուն՝ վաղաժամ ընտրութիւններ կատարելու մասին։

«Ես Օզելին կրկին կը յիշեցնեմ։ Քանի որ Սահմանադրութիւնը եւ ընտրական օրէնսգիրքը չեն փոխուած, նախագահի եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2028 թուականին, իսկ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները՝ 2029 թուականին։

Պարոն Օզել, դուք կրնաք ունենալ ձեր տեսլականը եւ ձեր մատը դնել օրացոյցի իւրաքանչիւր կիրակիի մը վրայ ու ըսել, թէ այդ օրը պէտք է ընտրութիւններ ըլլան։

Սակայն իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը նման օրակարգ չունին», – ըսած է Էրտողանը խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին։