Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն արձագանգած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի այն յայտարարութեան, որ Հայաստանի համար կարեւոր է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, եւ եթէ Թուրքիան ընէ այդ հիմա, Հայաստանէն կը խլէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու ամենամեծ դրդապատճառը։ Արարատ Միրզոյեանը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի այս յայտարարութեան անդրադարձած է՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցին։
«Հարց. Թուրքիայի ԱԳ նախարարը յայտարարել է, որ Հայաստանի համար կարեւոր է Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորումը, եւ եթէ Թուրքիան դա անի հիմա, Հայաստանից կը խլի Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու ամենամեծ դրդապատճառը։ Հաքան Ֆիդանը նաեւ ասել է, որ Նախիջեւանը եւ Ադրբեջանը միացնող կապի հայեցակարգն ընդունուել է Վաշինգտոնեան հանդիպման ընթացքում: Մեկնաբանութիւն ունէ՞ք:
– Պատասխան. Թուրքիայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատումը եւ սահմանի բացումն իսկապէս կարեւոր են Հայաստանի համար: Նոյն կերպ կարեւոր է նաեւ Ադրբեջանի հետ հաստատուած խաղաղութեան հետագայ ինստիտուցիոնալացումը: Երկու ուղղութիւններով էլ Հայաստանն անկեղծ ջանքեր է գործադրում: Միաժամանակ, սակայն, այս երկու բաղադրիչներից որեւէ մէկը միւսով պայմանաւորուած չեն, եւ եթէ անպայմանօրէն փորձենք դրանց միջեւ պատճառահետեւանքային կապ տեսնել, գուցէ, պարզուի, որ Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների ամբողջական կարգաւորումը կարող է ոչ թէ բացասաբար, այլ ճիշդ հակառակը՝ դրականօրէն անդրադառնալ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ կարգաւորման գործընթացի վրայ:
Ինչ վերաբերում է տրանսպորտային ենթակառուցուածքների ապաշրջափակմանը, օգոստոսի 8-ին Վաշինգտոնում տեղի ունեցած խաղաղութեան գագաթաժողովում համաձայնեցուել են այդ գործընթացի հիմնական սկզբունքները՝ տարածքային ամբողջականութիւն, սահմանների անխախտելիութիւն, ինքնիշխանութիւն, իրաւազօրութիւն, փոխադարձութիւն: Սրանց շրջանակներում սահմանուած TRIPP ուղին կապելու է թէ՛ Ադրբեջանը Նախիջեւանի հետ, թէ´Հայաստանն այլ երկրների հետ, թէ´աւելի լայն աշխարհագրութեամբ տարածաշրջաններն իրար հետ՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջոցով: Հայաստանը շահագրգիռ կերպով ակտիւ ջանքեր է գործադրում այն հնարաւորինս շուտ կեանքի կոչելու ուղղութեամբ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանն օրերս յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիան հիմա կարգաւորէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները, ապա Հայաստանէն կը խլէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելու ամենամեծ շարժառիթը, քանի որ Հայաստանի համար կարեւոր է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելը։