25 օգոստոսին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան պիտի մեկնի Ուքրանիա: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն` այցի օրակարգին վրայ պիտի ըլլան հացահատիկի միջանցքի հետ կապուած հարցերը:
Աւելի վաղ Ֆիտան հանդիպած էր Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսէյ Երհովի հետ, ուր քննարկուած էր Ուքրանիոյ հարցը:
Մինչ Ուքրանիա կատարելիք այցը, Ֆիտան եռօրեայ պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Իրաք: Պաղտատի մէջ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ իրաքցի պաշտօնեաներուն հետ, իսկ Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ՝ քիւրտ պաշտօնեաներու հետ: