Թուրքիոյ դատախազութիւնը 37 անձի, անոնց շարքին՝ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քացի նկատմամբ տուած է ձերբակալման հրաման ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մեղադրանքով։ Այս մասին տեղեկացուցած են թրքական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ Իսրայէլի քաղաքական եւ ռազմական ղեկավարութեան ներկայացուցիչները կը մեղադրուին Կազայի հատուածի զանգուածային ռմբակոծութիւններու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օգնութեան մատակարարման խոչընդոտման մէջ, ինչ որ, ըստ դատարանին, կրնայ համապատասխանել ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու յատկանիշներուն։