Կիպրոսի յունական վարչակազմի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու ծրագրերն անընդունելի են եւ կրնան խախտել տարածաշրջանի փխրուն հաւասարակշռութիւնը։ Այս մասին «Ռիա Նովոսթի»ին յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրը՝ մեկնաբանելով Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտիսի խօսքը։
Խրիսթոտուլիտիսն աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Կիպոսը մտադիր է միանալ ՆԱԹՕ-ին, երբ այդ հնարաւոր կ՚ըլլայ։ Ան նաեւ նշած էր, որ երկիրն իր բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ իր Զինուած ուժերը արդիականացնելու եւ դաշինքի չափանիշերուն համապատասխանեցնելու համար։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրն ընդգծած է, որ ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման որոշումը պիտի ընդունուի միաձայն՝ հաշուի առնելով բոլոր անդամ երկիրներու ազգային շահերը։
«Այս փուլին Հարաւային Կիպրոսի յունական վարչակազմի դիմումն անընդունելի քայլ է Թուրքիոյ համար: Այդ գործընթացը կը խախտէ փխրուն հաւասարակշռութիւնը եւ բացասաբար կ՚անդրադառնայ Կիպրոսի հիմնախնդրի կարգաւորմանն ուղղուած բանակցութիւններու վրայ»,-ըսած է ՊՆ ներկայացուցիչը։
«Քաթիմերինի» թերթի տեղեկութիւններով`Նիքոս Խրիսթոտուլիտիսը հոկտեմբերին ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին ներկայացուցած է ՆԱԹՕ-ի հետ մերձեցման ծրագիրը, այդ քննարկած է նաեւ դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ Պուխարեսթի մէջ կայացած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին։