Թուրքիան 99 տարիով վարձակալած է Լիպիոյ հիւսիս–արեւմուտքը գտնուող Հոմս նաւահանգիստը, ուր ռազմակայան պիտի տեղակայէ։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ` յղում ընելով TGRT հեռուստաալիքին։
Հեռուստաալիքի աղբիւրը պնդած է, որ այդ քայլը պիտի օգնէ ամրապնդելու Թուրքիոյ ինքնիշխանութիւնը Արեւելեան Միջերկրածովեան տարածաշրջանին մէջ, ուժեղացնելու վերահսկողութիւնը թրքական տարածքային ջուրերու նկատմամբ եւ ապահովելու առեւտրային նաւերու անվտանգութիւնը։
Առկայ տեղեկութիւններու համաձայն` ռազմակայանին մէջ, որ պիտի ստեղծուի այդ տարածաշրջանը, թրքական մարտական անօդաչուներ եւ Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգեր կը նախատեսուի տեղակայել։
2019 թուականի նոյեմբերին Լիպիոյ Ազգային միասնութեան կառավարութիւնն ու Թուրքիոյ իշխանութիւնները յուշագիր ստորագրեցին երկու երկիրներու միջեւ ծովային գօտիներու սահմանագծման վերաբերեալ փոխըմբռնման մասին։ Նախորդ տարուան հոկտեմբեր 3-ին Ազգային միասնութեան կառավարութիւնը Թուրքիոյ հետ երկու նոր յուշագիր ստորագրեց նաւթակազային հատուածի փոխըմբռնման մասին։ Փաստաթուղթերէն մէկը կը վերաբերի համատեղ երկրախուզական աշխատանքներու իրականացման։
Լիպիոյ ներկայացուցիչներու պալատի (խորհրդարան) ղեկավար Աքիլա Սալեհ նոյն օրը անվաւեր ճանչցաւ ստորագրուած փաստաթղութերը եւ ՄԱԿ–ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերէշին ուղերձ յղեց` խնդրելով չճանչնալ Ազգային միասնութեան կառավարութեան եւ Անգարայի միջեւ փոխըմբռնման այդ յուշագիրները։ Համաձայնագիրին դէմ հանդէս եկան Եգիպտոսն ու Յունաստանը։
Ներկայիս Լիպիոյ մէջ փաստացի նախարարներու երկու գրասենեակ գոյութիւն ունի` երկրի արեւելքը Ֆաթհա Պաշագայի գլխաւորութեամբ, որուն կ'աջակցի խորհրդարանը, եւ Ազգային միասնութեան կառավարութիւնը` Թրիփոլիի նստավայրով։ Նախորդ տարուան 22 յունիսին աւարտեցաւ ժընեւեան պայմանաւորուածութիւններու համաձայն անցումային շրջանի ժամկէտը, որու աւարտին Լիպիոյ մէջ պէտք է ընտրուած նախագահ եւ խորհրդարան յայտնուեր։ Սակայն 2021 թուականի դեկտեմբերին նախանշուած ընտրութիւնները չեղեալ եղան, եւ մինչեւ օրս անոնց կայացման ամսաթիւը յայտնի չէ։