Կարս–Իկտիր–Արալըք-Տիլուճու երկաթուղիի կառուցումով մենք կը կատարենք ամենանշանակալի քայլերէն մէկը «Զանգեզուրի միջանցք»ի իրականացուման ուղղութեամբ, որ կարեւոր է ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի եւ Եւրասիոյ համար։
Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն։
« «Զանգեզուրի միջանցք»ը պիտի ամրապնդէ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան զարգացման։ Բոլոր երկիրներուն համար, յատկապէս անոնց համար, որոնք շահագրգռուած են Միջին միջանցքով, կը սկսի միջազգային առեւտուրի ոսկէ դարաշրջան»,– ըսած է ան։