image

Թրքական մամուլը Ֆրանսայի դեսպանը համարած է թշնամի

Թրքական մամուլը Ֆրանսայի դեսպանը համարած է թշնամի

Թրքական շարք մը լրատուամիջոցներ անդրադարձած են Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Իզապէլ Տիումոնթին, որ այս շաբաթ իր հաւատարմագիրները պիտի յանձնէ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին ու ստանձնէ իր պարտականութիւնները: 

Հրապարակման մէջ նշուած է, որ նախապէս Տիւմոնթ եղած է Եւրոպայի ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցով Ֆրանսայի նախագահի խորհրդականը: Հրաշալի կը տիրապետէ թրքերէնին։

Նշուած է, որ Տիւմոնթ բազմիցս քննադատած է  քիւրտ զինեալներու դէմ, Թուրքիոյ ռազմական գործողութիւնները Սուրիոյ մէջ, որոնց Անգարան կը համարէ ահաբեկիչներ: 

Մասնաւորապէս նշուած է, որ մինչ Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հայ-ատրպէյճանական վերջին լարուածութեան լիովին անցած է Պաքուի կողմը, Ֆրանսան եւ Եւրոպական Միութիւնն Ատրպէյճանին կոչ կ'ընեն հեռու մնալու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական խնդիրներ ստեղծել:

Ըստ կայքին` Ֆրանսան կը ցանկայ, որ Թուրքիան օգտագործէ իր ազդեցութիւնն Ադտրպէյճանի վրայ՝ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ «‎համապարփակ խաղաղութեան» պայմանագիրի հասնելու համար։ 

Ընդհանուր առմամբ թրքական մամուլը դեսպանը կը ներկայացնէ որպէս Թուրքիոյ թշնամի։