Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Ճափոնի նախկին վարչապետ Շինզո Ապի այսօր զինեալ յարձակումի թիրախ դարձաւ։ Ան ծանրօրէն վիրաւորուած ու փոխադրուած է հիւանդանոց։ Կրակ բացող անձը կալանքի տակ է, իսկ նախկին վարչապետը կը գտնուի մահաքունի մէջ։ «Ալ Մայատին» կը հաղորդէ, որ Ապէի սիրտը կեանքի նշաններ ցոյց չի տար։
Յարձակման դրդապատճառներուն մասին ոչ մէկ տուեալ կամ նոյնիսկ վերլուծութիւն չի հաղորդուիր։