image

Սուրիոյ ԱԳ նախարարը 25 տարուան մէջ առաջին անգամ պիտի մեկնի Ուաշինկթըն. Axios

Սուրիոյ ԱԳ նախարարը 25 տարուան մէջ առաջին անգամ պիտի մեկնի  Ուաշինկթըն. Axios

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասատ Շիպանին Ուաշինկթընի մէջ այս շաբաթ պիտի հանդիպի ամերիկացի օրէնսդիրներու հետ՝ քննարկելու իր երկրի դէմ Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած մնացեալ պատժամիջոցներու վերացումը։ «Արմէնփրէս»-ի տեղեկութեամբ, այս մասին ծերակուտական Լինտսի Կրէհեմի խօսքերը մէջբերած է Axios-ը։

Կրէհեմը նշած է, որ ինք ուրիշ ծերակուտականներու հետ Շիպանիին պիտի հանդիպի սեպտեմբեր 18-ին։ Կ՚ակնկալուի նաեւ, որ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարարն առանձին հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։

Կրէհեմը Axios-ին նաեւ յայտնած է, որ պիտի սատարէ պատժամիջոցներու վերացումը, եթէ Սուրիան պաշտօնապէս յայտարարէ Իսրայէլի հետ անվտանգային հարցերու շուրջ համաձայնութեան ուղղութեամբ առաջ շարժելու մասին, ինչպէս նաեւ միանայ «Իսլամական Պետութիւն» ծայրայեղական խմբաւորման դէմ դաշինքին։

Ինչպէս կը հաղորդէ Reuters-ը, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարը առայժմ մեկնաբանութիւն չէ տուած Ասաատ Շիպանիի այցին մասին։

Այս այցելութիւնը աւելի քան 25 տարի ետք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին պաշտօնական այցն է Ուաշինկթըն։