Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի (խորհրդարան) արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ յայտարարած է, որ Անգարան նորէն կրնայ դիմել «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով։
«Մարտ 25-ին Հայաստանի մէջ եւ սեպտեմբերին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան երկու երկիրներու ֆութպոլի հաւաքականներու խաղերը (Եւրօ-2024-ի որակաւորման ծիրէն ներս)։ Մեր հաւաքականը պիտի երթայ այնտեղ, թերեւս մենք ալ երթանք։ Կարգաւորման գործընթացը դրական կ'ընթանայ։ Դրական շարժ կը նկատուի նաեւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Այդ պէտք է ընել՝ չդիմելով սադրանքներու»,- Քըլըչի խօսքերը մեջբերած է Star թերթը։
2008թ. սեպտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլա Կիւլը եկաւ Երեւան Հայաստանի այն ժամանակուայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով՝ մասնակցելու աշխարհի առաջնութեան ընտրական խաղին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաւաքականներու միջեւ։ Աւելի ուշ Սարգսեան Կիւլի առաջարկով մեկնեցաւ Թուրքիա-Հայաստան պատասխան խաղը դիտելու, որ տեղի ունեցած է 2009թ. հոկտեմբերին Պուրսա քաղաքին մէջ։ Այնտեղ ալ տեղի ունեցած են հայկական եւ թրքական պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնցմէ ետք՝ նախագահներու հանդիպումը, յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որ աւելի ուշ ընդհատուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառով։ Այն ստացած էր «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն» անուանումը։