Յունիս 12-ին ողբերգական վթար տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզին մէջ: Այս մասին գրած է Shamshyan.com-ը։
Ժամը 18:00-ի սահմաններուն Սիւնիքի մարզի բնակիչ 39-ամեայ Վարուժան Բ.-ն իր վարած Ford Transit մակնիշի մեքենայով Վարդավանք - Կապան ճանապարհին, դեռ անյայտ հանգամանքներու մէջ, դուրս եկած է երթեւեկելի գօտիէն դէպի ձախ եւ քանի մը պտոյտ գլորուելով յայտնուած է ձորին մէջ:
Վթարի հետեւանքով Վարուժան Բ.-ն տեղւոյն վրայ մահացած է, իսկ ուղեւոր Սիւնիքի մարզի բնակիչ 36-ամեայ Յարութիւն Գ.-ն ծայրայեղ ծանր ախտորոշմամբ տեղափոխուած է «Կապան» բժշկական կեդրոն:
Մինչ դէպքի վայրին մէջ քննիչը զննութիւն կը կատարէր, հիւանդանոցէն ահազանգ ստացուած է ոստիկանութեան Կապանի բաժին, որ վիրաւոր Յարութիւն Գ.-ն վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, գիտակցութեան չգալով, մահացած է:
Վթարի փաստով Սիւնիքի մարզային քննչական վարչութենէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ:
Գ. Շամշեանի տեղեկութիւններով`մահացածները կը ծառայէին ՀՀ N զօրամասին մէջ, որպէս պայմանագրային զինծառայողներ: