image

Սիտնէյի մէջ յիշատակուած է ՀՕՄ-ի անմահանուն մայրերէն՝ Սոֆիա Յակոբեանը (Լուսանկարներ)

Սիտնէյի մէջ յիշատակուած է ՀՕՄ-ի անմահանուն մայրերէն՝ Սոֆիա Յակոբեանը (Լուսանկարներ)

«Արեւելք» համացանցէն տեղեկութիւն ստացաւ, որ օրերս Աւստրալիոյ մէջ յատուկ միջոցառումներու շարքով յարգած են ՀՕՄ-ի երախտաւոր մայր-գործիչներէն՝ Սոֆիա Յակոբեանի յիշատակը։

Այս մասին հրապարակուած է ամփոփ լրատւութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր մասնաճիւղերուն հետ միասին 18 Փետրուար 2024ին յարգեց յիշատակը ՀՕՄ-ի արժանաւոր Մայր Սոֆիա Յակոբեանի յիշատակը ինչպէս նաեւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ընկերուհիներուն եւ Արցախի զոհերու անթառամ յիշատակը։

Յիշելով մեր ննջեցեալ ընկերուհիներուն անխոնջ աշխատանքը կը հետեւինք իրենց քայլերուն վստահ ըլլալով որ պիտի կարողանանք շարունակել իրենց տեսիլքը Հիմնուելով միութեանս կարգախօսին ժողովուրդիս հետ եւ ժողովուրդիս համար։