Հալէպահայ շրջանակներուն համար ցաւալի լուր մը տարածուած է. Մահացած է Գէորգ Շահինեանը։
Հալէպահայ երիտասարդը (Ծնեալ 1974-ին՝ Հալէպ). որ վարակուած էր «Քորոնա»ով, երկար պայքար տարած է հիւանդութեան դէմ, ու հակառակ բժիշկներուն կողմէ գործադրուած մեծ ճիգերուն, այսօր՝ յաւերժին փակած է իր աչքերը։
Հալէպ ծնած ու իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը իրեն սրտամօտիկ ընկերներուն հետ անցուցած Գէորգը եղած է սիրուած եւ բոլորին կողմէ յարգուած անձնաւորութիւն։ Անդամակցած է Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին ու որպէս արի սկաուտ մասնակցած է համայնքային գործունէութեան։
1998 թուականէն կեանքի ասպարէզ նետուած Գէորգ կը հաստատուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ու տարբեր ասպարէզներու մէջ ըլլալէ ետք, ինքզինք կ՚ամրապնդէ ու յաջողութիւններ կը գրանցէ ինքաշարժներու կտորներ վաճառելու գործին մէջ։
Բարի յիշատակով մեր աշխարհէն առ յաւէտ մեկնած Գէորգ սիրուած ամուսին էր եւ հայր երկու զաւակներու։