image

Պէյրութի մէջ.Մահացած է բարեպաշտ հայուհի Անժէլ Քիւբէլեան

Պէյրութի մէջ.Մահացած է բարեպաշտ հայուհի Անժէլ Քիւբէլեան

Օրերս Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բարեպաշտ հայուհի Անժէլ Քիւբէլեան։

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»էն։ 

 Նշենք, որ հանգուցեալի մահուան մասին կարճ անդրադարձ մը կատարած է «Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»ի դիմատետրեան էջը, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝

Ոչ Եւս է Տիկին Անժէլ Քիւբէեան։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը խոր վիշտով կը գուժէ մահը իր սիրելի, բարեպաշտ, երկարամեայ անդամներէն Տիկին Անժէլ Քիւբէեանի, որ պատահեցաւ Պէյրութի մէջ, 24 Յունուար 2023֊ին։

Տիկին Անժէլը ծնած էր Յորդանան, հանրածանօթ Փանոսեան ընտանիքի մէջ։ Տիկին Անժէլին հայրն (Փանոսեան ընտանիքէն) ու մայրը (Միսիրեան ընտանիքէն), Կեսարիայէն էին ու ցեղասպանութեան պատճառաւ՝ 1922֊ին ստիպուած լքած էին իրենց պապանեկան հսկայական հողերը։

Տիկին Անժէլը ամուսնացած է Լիբանանի մէջ հանրածանօթ կահույքագործ Պարոն Տիգրան Քիւբէեանին հետ և ունեցած է երեք զաւակներ՝ Նազարէթ, Վարդ և Աւետիս, որոնք եղած են յաջող իրենց կեանքին մէջ։

Սիրելի Անժէլը նուիրուածութեամբ եւ անվերապահօրէն երկար տարիներ շարունակած է իր անդամակցութիւնը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին։ Ան վերջերս 45 տարուայ յուշանուէրի արժանացած է մեծ գոհունակութեամբ։ Տիկին Անժէլը Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումին անդամագրած էր իր դուստրը, իր հարսը և զանազան ազգակիցները և անսահման հաւատք և խորունկ սէր ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ իր ընտանիքի պարագաներուն համայն Քիւբէեան, Փանոսեան, Միսիրեան ընտանիքներուն։

Յիշատակը անթառամ մնայ.

Խունկ և աղօթք իր շիրիմին