image

Սերժ Սարգսեանի դէմ խափանման միջոց

Սերժ Սարգսեանի դէմ խափանման միջոց

Փտածութեան դէմ կոմիտէի մամուլի քարտուղար Մարինա Օհանջանեան տեղեկացուցած է, որ կոմիտէին մէջ քննուող գործի շրջանակին մէջ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած է. անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է երկրէ չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը։

Աւելի վաղ անոր փաստաբան Ամրամ Մակինեանը յայտնած էր, որ Սերժ Սարգսեանը հարցաքննութեան կանչուած է որպէս մեղադրեալ։