image
Հրատապ լուրեր:

Սարսափելի պատահար Եգիպտոսի մէջ. Շնաձուկը յօշոտած է 24-ամեայ ռուս երիտասարդ մը (Տեսանիւթ)

 Սարսափելի պատահար Եգիպտոսի մէջ. Շնաձուկը  յօշոտած է  24-ամեայ ռուս երիտասարդ մը (Տեսանիւթ)

 «Ամէն ինչ պատահեցաւ ընդամէնը 30 երկվայրկեանի մէջ»,- այս մասին պատմած է օրերս Եգիպտոսեան լողափին շնաձուկի մը կողմէ  յօշոտուած   տղամարդուն հայրը։ 

 Կը նշուի, որ դէպքը տեղի ունեցած է Հուրկատա քաղաքի լողափին եւ «Տրիմ պիչ» լողափի հարեւանութեամբ։ 

 Լուրը հրապարակուած է ռուսաստանեան «Իզվէսթիա» թերթին կողմէ, որ նաեւ կը նշէ, թէ պատահարին զոհ գացած ռուսազգի երիտասարդը 24 տարեկան էր։