image

Ռուսիան որեւէ լուրջ բան դեռ չէ կատարած Ուքրանիոյ մէջ. Փութին

Ռուսիան որեւէ լուրջ  բան   դեռ չէ կատարած  Ուքրանիոյ մէջ. Փութին

Ռուսիան դեռ որեւէ լուրջ բան չէ սկսած Ուքրանիոյ մէջ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` խօսելով յատուկ գործողութեան մասին:

«Բոլորը պէտք է իմանան, որ մենք, մեծ հաշուով, որեւէ լուրջ բան դեռ չենք սկսած Ուքրանիոյ մէջ», ըսած է ան Պետտումայի խմբակցութիւններու առաջնորդներուն հետ հանդիպման ժամանակ:

Անոր խօսքով` Արեւմուտքի այն յայտարարութիւնը, թէ մտադիր է պատերազմիլ մինչեւ «վերջին ուքրանացին», ողբերգութիւն է Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար, եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, անխուսափելի:

«Այսօր մենք կը լսենք, որ մեզի կ'ուզեն յաղթել մարտի դաշտին վրայ: Թող փորձեն: Մենք արդէն լսած ենք, որ Արեւմուտքը պատրաստ է պատերազմելու մինչեւ վերջին ուքրանացին: Սա ողբերգութիւն է Ուքրանիոյ ժողովուրդին համար, եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, անխուսափելի», ըսած է Փութին:

Ան յայտարարած է, որ Ռուսիան պիտի չհրաժարի Ուքրանիոյ հետ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւններէ:

«Նոյնիսկ այդ նոյն Հիւսիսատլանտեան դաշինքին Ռուսիոյ հնարաւոր համարկման գաղափարը ՆԱԹՕ-ի հետ այն ժամանակուայ անամպ թուացող յարաբերութիւններու փուլին, ակնյայտօրէն, անհեթեթ կը թուէր անոր անդամներուն», յաւելած է Փութին: