Ռուս զինուորականները գրոհած են Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու դիրքերը, որոնք տեղակայուած են ինքնահռչակ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան Վոտիանոյէ գիւղին մէջ, գրափ է mk.ru-ն:
Նշուած է, որ «Փոթորիկ» ստորաբաժանումը յարձակողական գործողութիւններ կ'իրականացնէ։ Յարձակման կ'աջակցին հրետանին եւ անօդաչու թռչող սարքերը։
Ուքրանացի զինուորականները մեծ կորուստներ կրած են եւ ստիպուած են լքել դիրքերը՝ ռուսական զօրքերու ուժեղ ճնշման պատճառով, գրած է աղբիւրը։
Յիշեցնենք, որ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան ղեկավարի պաշտօնակատար Տենիս Փուշիլին յայտարարած էր Արթեմովսքի վրայ յարձակման ժամանակ դաշնակից ուժերու յաջողութեան մասին: