image

Ռուսիան կրկին յարձակած է Ուքրանիոյ ուժանիւթային ենթակառուցուածքի վրայ

Ռուսիան կրկին յարձակած է Ուքրանիոյ ուժանիւթային ենթակառուցուածքի վրայ

Ապրիլ 12-ին ռուսական զօրքերը կրկին օդային հարուած հասցուցած են Ուքրանիոյ ուժանիւթային ենթակառուցուածքին։ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ռազմաօդային ուժերու տուեալներով՝ ռուսական զօրքերը Ղրիմէն արձակած են «Շահետ-131/136» տիպի 17 գրոհային անօդաչու թռչող սարք եւ Տոնպասէն՝ X-59 կառավարուող ինքնաթիռի հրթիռ:

Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութիւնը 16 անօդաչու թռչող սարք խոցած է երկրի օդային տարածքին մէջ, գրած է dw.com-ը:

Ուքրանիոյ հարաւային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատարութիւնը յայտնած է, որ ռուսական յարձակումներու թիրախը կրկին Ուքրանիոյ ուժանիւթային ենթակառուցուածքն է։ ՀՕՊ աշխատանքը շարունակուած է մօտ հինգ ժամ։ Քրիւոյ Ռոկի մէջ խոցուած անօդաչու թռչող սարքերէն մէկու բեկորներու իյնալու հետեւանքով հրդեհ բռնկած է ուժանիւթային կառոյցներուն վրայ։