image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստան կորսնցուց Ուքրանիան. Զելենսքի

Ռուսաստան կորսնցուց Ուքրանիան. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ Ռուսաստանը վերջնականապէս կորսնցուց Ուքրանիան։ Այս մասին ան ըսած է իր իր տեսաուղերձին մէջ:

«Ռուսաստանի խնդիրն այն է, որ չընկալեր եւ երբեք պիտի չընկալէ ամբողջ ուքրանացի ժողովուրդը: Ռուսաստանը վերջնականապէս կորսնցուց Ուքրանիան: Աւելին՝ ամբողջ աշխարհը կորսնցուց: Անոր այլեւս ոչ մէկ տեղ չեն կ'ընկալեն»,- ըսած է նախագահը:

Նաեւ, խօսելով պատերազմի աւարտի ժամկէտներու մասին, Զելենսքին նշած է, որ պատերազմն աւելի արագ կ'աւարտի, եթէ Քիեւը աւելի հզօր աջակցութիւն ստանայ գործընկեր երկիրներէն, յատկապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի պատժամիջոցներուն եւ զէնքին։ Զելենսքին նաեւ նշած է, որ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները շատ լուրջ են, բայց բաւարար չեն ռուսական ռազմական մեքենան առանց գումարի միջոցի թողելու համար։