ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն յայտնած է, որ Ռուսաստանի դէմ արեւմտեան պատժամիջոցները կրնան չեղարկուիլ, եթէ Ուքրանիան կը կարծէ, որ այդ պիտի օգնէ լուծել հակամարտութիւնը:
«Միջազգային հանրութիւնը, որ համախմբուած է Ռուսաստանի դէմ այս պատժամիջոցները կիրառելու համար, պիտի առաջնորդուի անով, թէ ինչ կ'ընէ Ուքրանիան եւ ինչ կ'ուզէ ընել: Եթէ ան որոշէ, որ կրնայ վերջ տալ այս պատերազմին, դադրեցնել մարդկային կորուստներն ու աւերածութիւնները, պահպանել անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը, եւ այդ, ի վերջոյ, պիտի պահանջէ պատժամիջոցներու վերացում, ի հարկէ, մենք կը քննարկենք այդ», ըսած է Պլինքըն:
Ան յաւելած է, որ պատժամիջոցներուն նպատակը «ոչ թէ անոնք անվերջ պահելն է, այլ՝ Ռուսաստանի վարքագիծը փոխելը»: