image

Ռուսաստանի դէմ. Պատիժներու 5-րդ փաթե՞թ

Ռուսաստանի  դէմ. Պատիժներու 5-րդ փաթե՞թ

Եւրոմիութիւնը Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու հինգերորդ փաթեթը կը մշակէ` կապուած Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ: Այս մասին կը հաղորդեն Եմ-ը դիւանագիտական աղբիւրները:

«Մենք պատժամիջոցներու հինգերորդ փաթեթը կը մշակենք, բազմաթիւ նոր անուններ կ'առաջարկուին: Մերձպալթեան երկիրները, այդ շարքին` Լիթուանիան, կը յորդորեն Մոսկուայի դէմ նաեւ նաւթային արգելք սահմանել, մինչդեռ Գերմանիան խորհուրդ չի տար հապճեպ քայլեր անել, քանի որ Եւրոպայի մէջ ուժանիւթակիրներու գիները բաւական բարձր են», յաւելած են աղբիւրները:

Կը հաղորդուի, որ Մարտ 21-ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոմիութեան երկիրներիւ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը, որու գլխաւոր թեման պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ մէջ տիրող հրավիճակը: Հանդիպման ընթացքին ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել կը պատրաստուի նախարարներուն ներկայացնելու հակամարտութեան զարգացման հնարաւոր սենարներու իր վերլուծութիւնը: