image

Մաքրոն Ռուսաստանի մասին. «Պատիժներու նոր փաթեթ է պէտք»

Մաքրոն Ռուսաստանի մասին. «Պատիժներու նոր փաթեթ է պէտք»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ըսած է, որ Ուքրանիոյ Պուչա քաղաքին մէջ կատարուածին ի պատասխան պէտք է սահմանել նոր (հակառուսական) պատժամիջոցներ:

Ինչպէս կը գրէ The Guardian-ը, Մաքրոն ըսած է, որ այսօր կան յստակ ապացոյցներ առ այն, որ Ուքրանիոյ մէջ կատարուած են պատերազմական յանցագործութիւններ:

«Պուչայի մէջ կատարուածը կը պահանջէ պատժամիջոցներու եւ շատ յստակ միջոցներու նոր փաթեթ», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը` մանրամասնելով, որ նոր պատժամիջոցները պէտք է թիրախաւօրեն ածուխի եւ վառելանիւթի ոլորտները:

Նշենք, որ Associated Press-ի լրագրողները Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ գտած են առնուազն 21 մարդու դի: Կապուած ձեռքերով, մօտ տարածութենէն հրազէնային վնասուածքներով եւ խոշտանգումներու նշաններով դիերը ցրուած եղած են Պուչայի հատուածին մէջ այն բանէն յետոյ, երբ ռուս զինուորականները լքած են տարածքը:

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները ռուսական ուժերը մեղադրած են ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու համար:

Ռուսաստանը կը հերքէ, որ իր ուժերը պատասխանատու են Պուչայի մէջ խաղաղ բնակիչներու մահուան համար, եւ կը յայտարարէ, որ Ուքրանիան ցուցադրութիւն կ'ընէ արեւմտեան լրատուամիջոցներուն համար: