image

Ռուսաստանի դէմ նոր պատիժնե՞ր

Ռուսաստանի  դէմ նոր պատիժնե՞ր

ԱՄՆ-ն Ռուսաստանի դէմ նոր պատժամիջոցներու մասին պիտի յայտարարէ այս շաբաթ, ըսած է Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւանը:

«Այս շաբաթ կրնաք պատժամիջոցներու մասին յայտարարութիւններ սպասել: Մենք կը համաձայնեցնենք մեր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ դրանց ճշգրիտ ձեւաչափերը, բայց, այո՛, այս շաբաթ պէտք է յայտարարենք տնտեսական ճնշման յաւելեալ տարրերու մասին», ըսած է Սալիւան:

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը, խօսելով ուքրանական Փուչա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին, եսած էր, որ «կը պահանջէ յաւելեալ պատժամիջոցներ սահմանել» Ռուսաստանի դէմ եւ շուտով պիտի յայտարարէ անոնց մասին:

Ան կոչ ըրած է դատելու Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը: