Մինչ համաշխարհային մատակարարման շղթաները դեռ լիովին չեն վերականգնուած համաճարակէն, Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը եւ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները կը սաստկացնեն մատակարարման խափանումները: Աշխարհը ականատես կը դառնայ ուժանիւթի աղբիւրներու, հումքի եւ սննդամթերքի պակասի, նշելով, որ այս հանգամանքներու լոյսին ներքոյ աշխարհի երկիրները կը կրեն Միացեալ Նահանգներու աշխարհաքաղաքական արկածախնդրութեան բեռը:
«Global Times» թերթը զեկոյց հրապարակած է Ռուսաստանի դէմ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներուն մասին` զանոնք որակելով որպէս «չմտածուած քաղաքական արկածախնդրութիւն, որուն համար ամբողջ աշխարհը պէտք է վճարէ»:
Ըստ թերթին` «աշխարհի մէջ գնաճի վերաբերեալ վերջին տուեալները յստակ ցոյց կու տան, որ այն տեղի կ'ունենայ ուքրանական ճգնաժամի եւ Ռուսաստանի նկատմամբ արեւմտեան երկիրներու կողմէ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցներու հետեւանքով»:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ««Քովիտ»ի համաճարակը նաեւ ամբողջ աշխարհի մէջ, ուքրանական ճգնաժամի եւ Ռուսաստանի դէմ արեւմտեան պատժամիջոցներուն կողքին, սաստիկ գնաճի կարեւոր պատճառներից մէկն է»:
Կասկած չկայ, յաւելած է ան, որ «ուքրանական ճգնաժամով պայմանաւորուած ուժանիւթի եւ ապրանքներու գիներու աճը եւ Ռուսաստանի դէմ ԱՄՆ-ի գլխաւորած Արեւմուտքի անխոհեմ տնտեսական պատժամիջոցները սրած են համաշխարհային գնաճը»:
Ըստ զեկոյցին` «գնաճի հարցով այլ երկիրներու ողղուած ամերիկեան մեղադրանքները մեղքը հիւանդ գլուխէն առողջ գլուխ տեղափոխելու անյաջող փորձ են, եւ այդ չարամիտ դաւադրութիւն է` շեշտելով, որ անոր նպատակն է թաքցնել ամերիկեան վարչակազմին ձախողումները»:
«Մինչ համաշխարհային մատակարարման շղթաները դեռ լիովին չեն վերականգնուած համաճարակէն, Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը եւ Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցները կը սաստկացնեն մատակարարման խափանումները: Աշխարհը ականատես կը դառնայ ուժանիւթի աղբիւրներու, հումքի եւ սննդամթերքի պակասի, նշելով, որ այս հանգամանքներու լոյսին ներքոյ աշխարհի երկիրները կը կրեն Միացեալ Նահանգներու աշխարհաքաղաքական արկածախնդրութեան բեռը»:
Չինական թերթի զեկոյցին մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ «արեւմտեան պատժամիջոցները լրջօրէն կը վնասեն նաեւ զարգացող երկիրներու շահերուն, որոնք պաշտպանուած չեն սննդամթերքի եւ հիմնական այլ ապրանքներու ներմուծման բարձր գնաճէն: Պատկերը մռայլ է, եւ նման պայմաններու մէջ յոյսը կը մնայ, որ Արեւմուտքը չմեղադրէ ուրիշները, այլ կեդրոնանայ համաշխարհային լուրջ հետեւանքներով յղի տնտեսական աճող խնդիրներու լուծման վրայ»:
Այս ծիրին մէջ, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը աւելի վաղ յայտարարած էր, որ գնաճը «ներկայիս իրական վտանգ» դարձած է շատ տնտեսութիւններու համար` մատնանշելով, որ աշխարհի մէջ տնտեսութեան աճը կը դանդաղի ճգնաժամերու պատճառով:
ԱՄՀ-ն նախազգուշացուցած է, որ «Ուքրանիոյ ճգնաժամը բացասաբար ազդած է տնտեսութեան վերականգնման վրայ եւ յանգեցուցած է ակնկալուող աճի դանդաղեցման աշխարհի շատ երկրներու մէջ»:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին նաեւ ըսած է. «Արեւմտեան երկիրներու՝ Ռուսաստանի հետ բնականոն համագործակցութենէն հրաժարիլը ազդեց միլիոնաւոր եւրոպացիներու վրայ եւ արտացոլուեցաւ ԱՄՆ-ի վրայ, քանի որ գիները կըկ շարունակեն աճիլ, իսկ գնաճը կը գերազանցէ սահմանները, ինչ որ աննախադէպ է»: