image

Ռուս խաղաղապահներ Ղարաբաղէն Ուքրանիա չեն տեղափոխուած

Ռուս խաղաղապահներ Ղարաբաղէն Ուքրանիա չեն տեղափոխուած

Ատրպէյճանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքովը հերքած է շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ յայտնուած այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած ռուսաստանցի խաղաղապահներուն մէկ մասը տեղափոխուած է Ուքրանիա` ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու նպատակով:

Անոր հետ մէկտեղ ռուսաստանցի դիւանագէտը չէ մեկնաբանած Ասկերանի շրջանին մէջ վերջին օրերուն ծաւալած իրադարձութիւնները:

Անդրադառնալով Պետտումայի պատգամաւոր Միխայիլ Տելեակինի` Ատրպէյճանի նաւթային ենթակառոյցները ռմբակոծելու օրերս հնչած կոչին, դեսպան Պոչարնիքովը նշած է․ «Կը կարծեմ, որ նման յայտարարութիւնները անընդունելի են եւ կը վնասեն Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն»: