image

«Քորոնա»ի դէպքերը կ՚աճին. Միայն այսօր մահացած են 47 հիւանդներ

«Քորոնա»ի դէպքերը կ՚աճին. Միայն այսօր մահացած են 47 հիւանդներ

Հայաստանի մէջ 22 Հոկտեմբերի դրութեամբ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 2146 նոր դէպք, վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասած է 291.052-ի: 

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Առողջապահութեան նախարարւոթեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը, մէկ օրուան մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է 42 քաղաքային, մահացածներուն թիւը 5944 է:

Մէկ օրուան մէջ գրանցուած է «Քորոնա»ով վարակուած հիւանդներու՝ այլ հիւանդութենէ մահուան 5 դէպք: 22 Հոկտեմբերի դրութեամբ մահուան այս դէպքերու թիւը 1248 է: Երէկուան ընթացքին ընդհանուր առմամբ մահացած է 47 մարդ։ Մահուան ընդհանուր դէպքերուն թիւը հասած է 7192-ի։

Մէկ օրուան մէջ առողջացածներու թիւը 1134 է, ընդհանուր առողջացածներունը՝ 258.486, փաստացի բուժուողները 25.374 են: Մէկ օրուան մէջ կատարուած է 18.598 քննութիւն, ընդհանուր առմամբ առ այսօր կատարուած է 1.958.792 քննութիւն: