Օրերս Պոլսոյ մէջ նշուած է Հայ Կաթողիկէ համայնքի խոստմանլից եւ երիտասարդ անուններէն Գերյ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի քահանայութեան 30 ամեակի նշումը։
Այս առթիւ մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք Պոլսէն «Արեւելք»ին յղուած հակիրճ լրատւութիւնը։
Անշուշտ միանալով բոլոր այն բարի մաղթանքներուն որ յղուած են վարդապետին այս բարեբաստիկ եւ շնորհաշատ առիթին համար։
Կիրակի, 29 Մայիսին ժամը 11:00-ին Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի նախագահութեամբ, Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան իր քահանայութեան 30 ամեակին առիթով Ս. Պատարագ մատուցանեց: Պատարագին մասնակցեցան Գերյարգելի Նիկոլաուս Վիրվոլ, Տիմիդրի Մայողլու, Ժոզէֆ Կովինտու եւ շատ ուրիշներ։ Ի պատիւ ներկայ գտնուեցան՝ Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան եւ Տ. Հայկ Արամ Չէքիչ: Սեղանին սպասարկեցին՝ Աւագ Սարկաւագ Տ. Յակոբ Մինասեան, Կիսասարկաւագ Ժան Աճէմօղլու, դպիրներ Ճան Եօնդան եւ Լեւոն Եունքէս: Նասնակցեցան նաեւ Սուրբ Յակոբ հոգաբարձութեան անդամները՝ Պրն. Ճան Միմար եւ Պրն. Անթուան Սուլթանօղլու: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ոսկեբերան դպրաց դասի կողմէ ղեկաւորութեամբ՝ Զաւէն Ակայի: Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ Ոսկեբերան Տիկնանց Յանձնախումբի կողմէն: