Երեկոյեան ժամերուն մեծ հրդեհ մը ծագած է Պոլսոյ «Քարաքէօյ» շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ կից։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հրդեհը բռնկած է «Քարաքէօյ» թաղամասի հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող պատսպարանին (թրքերէնով՝ Լոճման) մէջ։
Նախնական տուեալներով պատսպարանին մէջ եղած է եօթ անձեր, որոնք բոլորն ալ ազատուած են, իսկ անոնցմէ երկուքը փոխադրուած է հիւանդանոց։
Պոլսահայ լրագրող Շահնուր Քազանճի, որ պատահարին մասին կարճ հաղորդագրութիւններ տուած է Ինսթակրամէն սփռուող «Թէթ աժէնտա» իր էջով, եղածին մասին խօսած է Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ ՝ Գերպ. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանին հետ եւ վերջինս վստահեցուցած է, որ վիրաւորեալներուն վիճակը կայուն է։
Կաթողիկէ Առաջնորդը նաեւ ըսած է, որ ԱԻՆ Հրշէջ մարմիններ կարեւոր գործ կը տանին մարելու համար ծագած հրդեհը։
Նշենք նաեւ, որ լուրը մեծ տարածում գտած է Թուրքիոյ օնլայն հարթակներուն վրայ։