image

Փութինի ժողովրդավարութիւնը կը բարձրանա՞յ

Փութինի ժողովրդավարութիւնը կը բարձրանա՞յ

Դեկտեմբեր 18-էն 24-ը «Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման համառուսաստանեան կեդրոնի» կայացուցած վերջին հարցումներու արդիւնքներով՝  Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նկատմամբ Ռուսիոյ քաղաքացիներու վստահութեան մակարդակը աճած է 0,3 տոկոսային կէտով եւ կը կազմէ 80%։

«Կը վստահի՞ք արդեօք նախագահ Փութինին» հարցին դրական պատասխանած է հարցման մասնակիցներու 80%-ը, իսկ «Գո՞հ էք արդեօք նախագահի աշխատանքէն» հարցին դրական պատասխանողները 77,1%  կազմած են։

Կառավարութեան աշխատանքը դրական գնահատած է հարցուածներու 53,7%-ը, վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի աշխատանքը՝ 54,5%-ը, վարչապետին վստահողները 62,9% են։

«Единая Россия» կուսակցութեան աջակցութեան մակարդակը կազմած է 42,2 տոկոս, ՌԴԿԿ-ն՝ 8,8 տոկոս%: