ՆԱԹՕ-ի զօրքերու ուղիղ բախումը ռուսական բանակին հետ կը յանգեցնէ համաշխարհային աղէտի։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին։
Փութինի խօսքով՝ ՆԱԹՕ-ի զօրքերու մուտքը Ուքրանիա շատ վտանգաւոր քայլ է։
Ան նշած է, որ այն, ինչ տեղի կ'ունենայ այսօր Ուքրանիոյ մէջ, տհաճ է, բայց հետագային, ոչինչ ընելով, Ռուսիան կը ստանար «նոյնը, միայն աւելի վատ պայմաններով»։ «Այնպէս որ, իմ գործողութիւնները ճիշդ են եւ ժամանակին»,- ըսած է ան՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք կը զղջայ իր որոշման համար։
Ան նշած է, որ այս պահուն զանգուածային հարուածներու կարիք չկայ։