image

Փեզեշքիան դրական համարած է Իրան-Հայաստան վերջին շփումները

Փեզեշքիան դրական համարած է Իրան-Հայաստան վերջին շփումները

Օգոստոս 30-ին ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Թեհրան կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին հանդիպած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ, յայտնած են ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդէն։

Գրիգորեանն ու Փեզեշքիանն ընդգծած են, որ երկու երկիրները հաստատակամ են զարգացնել շարունակական երկխօսութիւնը՝ միտուած ռազմավարական գործընկերութեան հաստատման:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ օգոստոս 8-ին ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ԱԽ քարտուղարը կարեւորած է որպէս խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ կարեւոր հանգրուան:

Նախագահ Փեզեշքիանը նշած է, որ Հայաստան–Իրան վերջին բարձրաստիճան շփումները եւ իր պաշտօնական այցը ՀՀ նպաստած են Իրանի մէջ առկայ անորոշութիւններու արդիւնաւէտ հասցէագրման։