image

«Փեթակ»ը այսօրուընէ սկսեալ պիտի չգործէ. վաճառականները բողոքի ցոյց կ'ընեն

«Փեթակ»ը այսօրուընէ սկսեալ պիտի չգործէ. վաճառականները բողոքի ցոյց կ'ընեն

«Փեթակ» առեւտուրի կեդրոնի առեւտրականները եւ վարձակալները կառվարութեան շէնքի մօտ բողոքի ցոյց կ'ընեն, քանի որ անոնց ըսած են, որ առեւտուրի կեդրոնն այսօրուընէ պիտի չգործէ:

Վաճառականներէն մէկու խօսքով` այսօր առաւօտեան սովորականի պէս եկած են աշխատանքի, սակայն դռները փակ եղած են, իսկ իրենց դիմաւորած են Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան աշխատակիցներ։

«Մեզ ասացին, որ թոյլ չեն տալիս մուտք գործել «Փեթակի» տարածք։ Պարզւում է՝ որոշում կայ փակելու առեւտրի կեդրոնը։ Բայց մեզ ոչ ոք չի պարզաբանում՝ ժամանակաւո՞ր բնոյթ է կրելու այս որոշումը, թէ՞ երկարաժամկէտ»,–ըսած է առեւտրականներէն մէկը։

Միւսի խօսքով` առեւտուրի կեդրոնի տնօրէնը աշխատակիցներուն յայտնած է, որ իրեն գիշերը տեղեկացուցած են որոշման մասին։

Աշխատակիցները կը պնդեն, որ այն յայտարարութիւնները, թէ նոյն անվտանգային խնդիրները «Փեթակ»ի մէջ եւս կան, ինչ կայ Սուրմալույի մէջ, իրականութեան չեն համապատասխաներ։

Ուստի անոնք կը պահանջեն, որ տնօրէնը շտապ պարզէ առկայ խնդիրները, որոնց պատճառով փակուած է առեւտուրի կեդրոնը, անոնց լուծում տայ, որպէսզի սկսին աշխատիլ։

«Մենք 15 օր առաջ ժողով ենք արել ու հարց ուղղել տնօրէնին, թէ արդեօք ճիշդ են այն շշուկները, թէ մի օլիգարխ պատրաստւում է տարածքը գնել, նա էլ պատասխանել է, որ ոչ, դա իր տարածքն է ու մտադրութիւն չունի վաճառելու։ Մեր պահանջն այն է, որ բացեն առաեւտրի կեդրոնը, ու բոլորս գնանք աշխատելու, օրուայ հացի գումար հայթայթելու, առանց այն էլ հիմա առեւտուր չկայ, մի կերպ ենք գոյատեւում»,–ըսած է վաճառականը։