Երեւանի մէջ, այսօր՝ մարտ 24-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. Ժամը 07։50-ի սահմաններուն ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան Ոստիկանութեան ահազանգ եղած է, որ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ դի կայ։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, պարզուած է, որ մահացածը Երեւանի բնակիչ 61-ամեայ Հրանդ Թադեւոսեանն է: Ան վայրկեաններ առաջ Փարիզ-Երեւան թռիչքով ժամանած էր Երեւան, անցած անվտանգութեան գօտին, ու անոր ինքնազգացողութիւնը վատացած էր։ Եւ մինչ շտապօգնութեան ժամանումը՝ ան մահացած է։
Դէպքի փաստով ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան «Զուարթնոց» օդակայանի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է վարոյթ։
Քննիչի յանձնարարականով՝ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։
Աարտաքին զննութեամբ՝ դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։