Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թիֆլիսիի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Վրաստանի կառավարութեան ղեկավար Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Զրուցակիցները կարեւորած են Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստի կայացումը, որ միտուած է երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ամրապնդման։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին համոզմունք յայտնած են, որ երկու երկիրներու տնտեսական կապերու ընդլայնման մեծ ներուժ կայ եւ ջանքերը պէտք է ուղղել զայն լաւագոյնս եւ արդիւնաւէտ իրացնելու ուղղութեամբ։ Երկու երկիրներուն ղեկավարները միտքեր փոխանակած են նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու, ինչպէս նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ։