Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում ստորագրած է Հրաչեայ Թաշճեանը աշխատանքէն ազատելու մասին։
«Ղեկավարուելով «Քաղաքացիական ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 16-րդ յօդուածի 3-րդ մասով եւ 37-րդ յօդուածի 1-ին մասի 1-ին կէտով`
Հրաչեայ Թաշճեանին ազատել վարչապետի աշխատակազմի արտաքին կապերի վարչութեան պետի (06-2-Ղ1-1) պաշտոօից», ըսուած է որոշման մէջ:
Նշենք, որ Հրաչեայ Թաշճեանը 2020-ի Յուլիս 8-էն վարչապետի աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան պետն էր։ Ան Նոյեմբեր 26-ին Նիկոլ Փաշինեանի հետ Սոչի մեկնած էր։
Նշենք նաեւ, որ ԱԱԾ նախկին պետ Արթուր Վանեցեան անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ խորհրդապահական բանակցութիւններու թեմային՝ յայտարարած էր, որ իրմէ բացի եղած է եւս մէկ պաշտօնեայ, որ մասնակցած է այդ բանակցութիւններուն, որոնք տեղի կ'ունենային 2018-2019 թուականներուն: Վանեցեանը, սակայն, չէր նշած երկրորդ պաշտօնեային անունը:
«ԱՆԻ» կեդրոնի վստահելի տեղեկութիւններու համաձայն՝ երկրորդ պաշտօնեան Հրաչեայ Թաշճեանը եղած է: