image

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում պիտի ըլլայ Պրիւքսէլի մէջ

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում պիտի ըլլայ Պրիւքսէլի մէջ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները համաձայնած են հանդիպել Դեկտեմբեր 15-ին Պրիւքսէլի մէջ՝ ԵՄ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ։

Այս մասին նշուած է ԵՄ յայտարարութեան մէջ, ուր նշուած է, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը Նոյեմբեր 19-ին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ այս շաբաթ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակի եւ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ։  Գագաթաժողովը պիտի կայանայ Դեկտեմբեր 15-ին, Պրիւքսէլի մէջ։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները  պայմանաւորուած են հանդիպիլ Պրիւքսէլի մէջ՝ քննարկելու տարածաշրջանային իրավիճակը եւ լարուածութիւնը յաղթահարելու ուղիները՝ բարգաւաճ եւ կայուն Հարաւային Կովկաս ունենալու համար, որուն կ'աջակցի Եւրոպական Միութիւնը:

Հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին Փաշինեանը եւ Ալիեւը պայմանաւորուած են նաեւ ստեղծել ուղիղ կապ` պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով, որ պիտի ծառայէ որպէս միջադէպերու կանխարգիլման մեխանիզմ։