image

Պէյրութի ճեմարանականներու հանդիպում՝ Երեւանի մէջ

Պէյրութի ճեմարանականներու հանդիպում՝ Երեւանի մէջ
Երկուշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ ճեմարանականներու հաւաք` հաւաքուած էին Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ: Տարբեր սերունդներու ճեմարանականներ զրուցեցին, դասընկերներու եւ Ճեմարանի մասին տեղեկութիւններ փոխանակեցին եւ հաճելի ժամանակ անցուցին: Հանդիպումին մթնոլորտէն խանդավառ, կատարուեցաւ նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւն:
Ճեմարանականները բաժնուեցան հայրենիքի մէջ նման հանդիպումները յաճախակի դարձնելու առաջարկով: