image

Պէյրութ-Շուշի ճամբան, աւելի մօտ էր ու նպատակային...

  Պէյրութ-Շուշի ճամբան, աւելի մօտ էր ու նպատակային...

  

 Առջեւէս  քալող տղամարդուն կը յարեմ 

 -Բարեկամ, դուք զինուոր է՞ք։

-Ոչ

 Նորէն կը շեշտեմ, -Բայց կառուցուածքդ, քալելու ձեւդ եւ նոյնիսկ ձեր հագուստները կը յուշեն, որ զինուոր էք։

-Ոչ, ես զինուոր չեմ, ես Շուշեցի եմ ...

 Այդպէս  յանկարծակի պատասխանը  իր հետ ելեկտրականութիւն մը կ՚առաջացնէ եւ կը պարտաւորեցնէ, որ հարցապնդումներուդ թելը  կոտրուի։ 

 Կը խօսինք տարբեր բաներու մասին, ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչ պայմաններու տակ Երեւան հասած է, տարբեր անուններ  «կը փոխանակնենք», հեռու- մօտիկ ծանօթներ, հեռու-մօտիկ բարեւտուքներ եւ ողջոյններ։

 Անոր հետ կսկիծ եւ հայրենիք կորսնցուցածի   դառնութիւն ու թեթեւ ժպիտ։ 

 Մէկ նախադասութիւն մըն ալ, որ վստահ եմ կը քանդակուի իր ու իմ մտապատկերին վրայ։ 

 

 Ես եմ ըսողը, -Գիտե՞ս բարեկամ,  ես  հեռւներէն  եմ, Պէյրութէն ու յաճախ զգացած եմ, որ Պէյրութ-Շուշի ճանապարհը աւելի մօտիկ է եւ նպատակայաին, քան Երեւան- Շուշի ճանապարհը...։

 Խորը լռութիւն եւ քանի մը քայլ անդին,Ժինկեալով հաց  վաճառող տիկնոջ  վիրաւոր ժպիտը քեզի ետ տուն կը կանչէ հեռո՜ւ, հեռուներէն։

 

 

 Սագօ Արեան  

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...