Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ըրած է վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ՝ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը լուծելու համար։
«Վլատիմիր Փութինը պէտք է դադարեցնէ պատերազմը, յարգէ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ վերադառնայ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ»,- ըսած է Մաքրոն France 2 հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ։
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Ֆրանսան չուզեր նոր համաշխարհային պատերազմ։