image

Պայտըն կը մերժէ Փուչայի «դէպքեր»ը ցեղասպանութիւն համարել

Պայտըն կը մերժէ Փուչայի  «դէպքեր»ը  ցեղասպանութիւն  համարել

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն հրաժարած է Քիեւի Փուչա արուարձանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները համարել «ցեղասպանութիւն», զայն անուանած է «ռազմական յանցագործութիւն»: 

Նշենք, որ Ուքրանիոյ Փուչա արուարձանին մէջ յայտնաբերուած են խաղաղ բնակիչներու կոտորածներու ապացոյցներ: Կապուած ձեռքերով, մօտ տարածութենէն հրազէնային վնասուածքներով եւ խոշտանգումներու նշաններով դիերը ցրուած էին Փուչայի հատուածին մէջ, ռուս զինուորականներու՝ տարածքը լքելէն ետք:

Ուքրանիոյ իշխանութիւնները ռուսական ուժերը մեղադրած են ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու համար:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուքրանիոյ Փուչա քաղաքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը «կեղծ գրոհ» որակած է: Անոր խօսքով, այնտեղ կազմակերպուած է բեմադրութիւն, որ աւելի ուշ բոլոր ալիքներով եւ ընկերային ցանցերով տարածուած է Ուքրանիոյ եւ Արեւմուտքի մէջ: