image

Պայտըն-Էրտողան հանդիպում ՆԱԹՕ-ի ծիրէն ներս

Պայտըն-Էրտողան հանդիպում ՆԱԹՕ-ի ծիրէն ներս

Երեք պետութիւններու ղեկավարներուն ներկայութեամբ Թուրքիոյ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարները յուշագիր ստորագրած են, որով Շուէտին եւ Ֆինլանտային թոյլ կու տան անդամակցելու ՆԱԹՕ-ին:

 

Յունիս 29-ին Մատրիտի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի ծիրէն ներս ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն պիտի հանդիպի Թուրքիոյինախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ: 

Աւելի վաղ Սպիտակ տունը յայտնած էր, որ Պայտըն հեռախօսազրոյց ունեցած է Էրտողանի հետ, որու ընթացքին յոյս յայտնած է հանդիպելու անոր հետ Մատրիտի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջանակին մէջ: Էրտողան, նախքան Սպանիա թռչիլը, ըսած էր, որ իր հետ հեռախօսազրոյցներու ընթացքին Պայտըն ցանկութիւն յայտնած է հանդիպելու: Թուրքիայի ղեկավարը համաձայնութիւն յայտնած է:

Էրտողան աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Անգարան պիտի չաջակցի Ֆինլանտայի եւ Շուէտի`  ՆԱԹՕ-ին անդամակցելուն, քանի դեռ անոնք չեն որոշած իրենց վերաբերմունքը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու նկատմամբ: Թուրքիան ահաբեկչական կը համարէ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը,  Սուրիոյ ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ուժերը եւ «FETO կազմակերպութիւնը:

Սակայն Յունիս 28-ին Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Էրտողանի, Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նիինիսթոյի, Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսոնի, ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկի միջեւ: Երեք պետութիւններու ղեկավարներուն ներկայութեամբ Թուրքիոյ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարները յուշագիր ստորագրած են, որով Շուէտին եւ Ֆինլանտային թոյլ կու տան անդամակցելու ՆԱԹՕ-ին: