Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն CNN-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «խելացի խաղցող է», որ, այնուամենայնիւ, վատ գնահատած է Ուքրանիա ներխուժելու եւ անոր ժողովուրդը ճնշելու իր կարողութիւնը:
«Ես կը կարծեմ, որ ան խելացի խաղցող է, որ զգալիօրէն սխալ հաշուարկ ըրած է», -ըսած է Պայտըն:
ԱՄՆ նախագահի խօսքով՝ Ռուսիայէն բխող սպառնալիքները կրնան յանգեցնել աղէտալի «սխալներու» եւ «սխալ հաշուարկներու», թէեւ ան հրաժարած է յստակեցնել, թէ ԱՄՆ-ն ինչպէս կը պատասխանէ, եթէ Փութին մարտավարական միջուկային զէնք կիրառէ Ուքրանիոյ մէջ մարտի դաշտին մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ Պայտըն ծիծաղելի որակած է Ռուսիոյ առաջնորդի նպատակները Ուքրանիոյ մէջ, որոնք Փութին շարադրած է փետրուարին պատերազմ սկսելու ժամանակ իր ելոյթին մէջ:
Պայտըն ըսած է որ Փութին սխալած է մտածելով, որ ուքրանացիները կ'ենթարկուին ռուսական ներխուժման. ըստ Պայտընի՝ այդ սխալ դատողութիւն էր, որ հերքուած է ուքրանացիներու կատաղի դիմադրութեան շնորհիւ: