Այսօր Գեղարքունիքի մարզի Զովաբեր գիւղին մէջ պայթում տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով 2 մարդ հիւանդանոց տեղափոխուած է։ Պատահարի մասին տեղեկութիւնը յայտնած է shamshyan.com-ը։
Ժամը 10։30-ի սահմաններուն 9-11 ճգնաժամային կառավարման կեդրոնն ու ոստիկանութեան Սեւանի բաժինը ահազանգ ստացած են, որ Զովաբեր գիւղի տուներէն մէկուն մէջ պայթում տեղի ունեցած է, կան տուժածներ։
Նախնական տեղեկութիւններով` կուտակուած կազէն առաջացած է պայթում՝ առանց հրդեհի բռնկման։ Փլուզուած է կառտան եւ հիւրասենեակի յենապատը, որու հետեւանքով 2 անձ ծայրայեղ ծանր տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքներով տեղափոխուած են հիւանդանոց։ Ըստ կայքի` վնասուածք ստացած երիտասարդները Զովաբեր գիւղի բնակիչներ են՝ 22-ամեայ Մ. Յովհաննիսեանն ու 22-ամեայ Տ. Մկրտչեանը։
Դէպքի փաստով Սեւանի քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։