ԱՄՆ-ն կը կարծէ, որ Ուքրանիոյ պատերազմը կրնայ տեւել մինչեւ 2022 թուականի վերջ, CNN-ին ըսած են եւրոպացի երկու պաշտօնեայ: Անոնց խօսքով` պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքըն այդ մասին ըսած է եւրոպացի դաշնակիցներուն:
Պաշտօնեաներէն շատերը ընդգծած են, որ դժուար է կանխատեսել, թէ որքան երկար կրնայ տեւել պատերազմը, սակայն ոմանք կ'ըսեն, որ որեւէ նշան չկայ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջնական նպատակները փոխուած են:
Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւան ըսած է, որ մարտերը կրնան «ամիսներ կամ նոյնիսկ աւելի երկար» տեւել, մինչդեռ եւս երկու եւրոպացի պաշտօնեայ ըսած է, որ ուքրանիոյ արեւելքին մէջ մարտերը կրնան չորսէն վեց ամիս տեւել, այնուհետեւ փակուղի մտնել: