image

Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ուքրանիոյ ուղղութեամբ Ռուսաստանն արձակած է 2014 հրթիռ

Պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ուքրանիոյ ուղղութեամբ Ռուսաստանն արձակած է 2014  հրթիռ

Լայնամասշտաբ ներխուժման սկզբէն ի վեր ռուսական զօրքերը 2014 հրթիռ արձակած են Ուքրանիոյ ուղղութեամբ, հակառակորդի մարտական ինքնաթիռները ուքրանական օդային տարածք ներխուժած են 2682 անգամ:

Այս մասին յայտարարած է Ուկրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին:

«Ընդհանուր առմամբ, այս պատերազմի ընթացքին ռուսական բանակը արդէն օգտագործած է 2014 հրթիռ Ուքրանիոյ դէմ, գրանցուած է 2682 ռուսական մարտական ինքնաթիռի ներխուժում մեր երկինք: Այս ներխուժումներէն իւրաքանչիւրը մեր ժողովուրդին մահն է, սա մեր ենթակառուցուածքի ոչնչացումն է», ըսած է պետութեան ղեկավարը:

Զելենսքին ըսած է, որ Մայիս 3-ին, երբ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը ելոյթ ունեցած է Գերագոյն ռատայի մէջ, ռուսական բանակը 15 հրթիռային հարուած հասցուցած  է Ուքրանիոյ: