«Երբ բանակէն զօրացրուեցայ, հրաւէր ստացայ աշխատելու սիրած ոլորտիս մէջ: Այս ալ առիթ հանդիսացաւ որ այլ առաջարկներ ալ ստանամ: Հիմա արդէն կ'աշխատիմ Սուրիոյ զանազան նահանգներու մէջ, եւ յատկապէս սուրիական արտադրանքներ կը գովազդեմ»:
Սուրիա թէեւ պատերազմի հետեւանքով տնտեսական -կենցաղային դժուար պայմաններ կ'ապրի, բայց տեղական արտադրանքը կը շարունակէ իր որակով եւ ճաշակով զարմացնել շատ-շատերը։
Այս առումով ալ սուրիահայ 31-ամեայ Յովսէփ Եսայեան, իր ձգտումն ու կոչումը գտած է նորաձեւութեան աշխարհին մէջ: Աշխատելով որպէս նորաձեւութեեան բնորդ, ան դարձած Սուրիոյ զգեստներու լաւագոյն ապրանքանիշերու երեւելի «դէմք»երէն մին:
«Արեւելք» այս մասին կը կարդայ համացանցէն:
Յովսէփ Եսայեան ծնած է Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքը 14 Յունուար, 1991-ին: Յատկանշական է, որ ապ Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերուն իսկ, զօրակոչուած է եւ 9 տարի ծառայած Սուրիոյ բանակին մէջ: «Նորաձեւութեան աշխարհը կլանած էր զիս մանկութենէս ի վեր: Բայց 2011-ին, երկրիս պատերազմի առաջին օրերուն, գիտցայ որ իմ առաջնահերթութիւնը հայրենիքիս ծառայելն է եւ զօրակոչուեցայ: Տասնամեակ մը մաս կազմեցի բանակին, որպէս հակաթանկայի ջոկատի հրամանատար»:
Յովսէփի սէրն ու հետաքրքրութիւնը նորաձեւութեան աշխարհին նկատմամբ սակայն երբեք չեն մարած տարիներու ընթացքին, նոյնիսկ ամէնաթէժ ու տագնապալի պայմաններուն տակ: Ան բանակէն զօրացրումէն կարճ ժամանակ ետք, ստացած է հնարաւորութիւն աշխատելու որպէս բնորդ, որովհետեւ ըստ գովազդի ոլորտի մասնագէտներուն ան օժտուած է տուեալներով, որոնք պէտք են յաջող բնորդի մը՝ նուիրուածութիւն ու համբերութիւն, հմտութիւն, վայելուչ արտաքին տեսք , արտայայտիչ կեցուածք, եւ ամէնէն կարեւորը եռանդ ու սէր հանդէպ այս ոլորտին: «Երբ բանակէն զօրացրուեցայ, հրաւէր ստացայ աշխատելու սիրած ոլորտիս մէջ: Այս ալ առիթ հանդիսացաւ որ այլ առաջարկներ ալ ստանամ: Հիմա արդէն կ'աշխատիմ Սուրիոյ զանազան նահանգներու մէջ, եւ յատկապէս սուրիական արտադրանքներ կը գովազդեմ»:
Այս օրերուն Յովսէփ Եսայեան արդէն արհեստավարժ նորաձեւութեան բնորդ է:
Նիւթը՝ հալէպահայ լրագրող Յովիկ Շէհիրեանի դիմատետրի էջէն։