Թիֆլիսը պատրաստ է նպաստելու Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման. այս մասին Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորիշվիլին յայտարարած է ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ համատեղ ճեպազրոյցին, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Պոճորիշվիլին կրկնած է, որ Վրաստանը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի շուրջ համաձայնութեան գալը եւ պատրաստ է նպաստելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման։
«Ուրախ եմ, որ անցեալ շաբաթ Թիֆլիսի մէջ կայացաւ Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու եռակողմ հանդիպումը, եւ յոյսով եմ, որ այս ձեւաչափով մենք կը կարողանանք համագործակցիլ յանուն տարածաշրջանի բարգաւաճման»,- նշած է ան։
Պոճորիշվիլին ըսած է, որ Վրաստանը մեծ նշանակութիւն կու տայ տարածաշրջանային համագործակցութեան, յատկապէս այն նախագիծերու իրականացման, որոնք կը նպաստեն տնտեսական զարգացման։