image
Հրատապ լուրեր:

Նոր զօրավարժանքները մարտահրաւէր են. Արցախցի պաշտօնեայ

Նոր զօրավարժանքները մարտահրաւէր են. Արցախցի պաշտօնեայ

Պաշտօնական Ստեփանակերտը Արցախի՝ Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ իրականացուող որեւէ գործողութիւն՝ այդ շարքին թուրք-ատրպէյճանական համատեղ զօրավարժութիւնները, կը համարէ նոր մարտահրաւէր: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Լուսինէ Աւանէսեանը:

«Ոչ միայն այդ զօրավարժութիւնները, այլ նաեւ Արցախի՝ Ատրպէյճանի կողմից բռնազաւթուած տարածքներում կատարուող ցանկացած իրադարձութիւն դիտարկում ենք որպէս նոր մարտահրաւէր, որին պէտք է պատրաստ լինել, եւ այդ սկզբունքի հիման վրայ էլ կառուցուում են բոլոր այն քայլերը, որոնք ձեռնարկուում են Արցախի իշխանութիւնների կողմից»,- նշած է Աւանէսեանը:

Արցախի նախագահի խօսնակը հաղորդած է, որ նշուած գործընթացներու առնչութեամբ որոշակի քննարկումներ տեղի կ'ունենան Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութեան հետ, բայց ձեռնպահ մնացած է մանրամասներ յայտնելէ: